15.5.11

Զապէլ Եսայեանի գիւտը

Չէ՞ պատահած ձեզի, որ Երեւանի մէջ թաքսի նստիք եւ վերջին քսան տարիներուն անունը փոխած փողոց մը յուշէք վարորդին։ Եթէ Կենտրոն թաղամասէն դուրս կ՚երթաք, պատրաստ եղէք կա՛մ ուղղութիւնը դուք տալու եւ կամ, հակառակ պարագային, հին անունը ձեր միտքը պահելու։ Յաճախ պատահած է ինծի, որ Երրորդ մաս ուզեմ երթալ եւ Մանանդեանի փողոցին անունը տամ։ Քանի որ տարիներու սովորութեամբ արդէն ճամբան սորվեր եմ, միշտ առաջին տարբերակը կ՚ընտրեմ։ Նախընտրելի է ատիկա, քան յիշողութեան մէջ արթնցնել խորհրդային «Թելմանի փողոց» անունը, որ կը բխի գերմանացի համայնավար ղեկավար Էռնստ Թելմանէն (1886-1944), որուն գլխաւոր արժանիքը, դատելով «Հայկական Սովետական Հանրագիտարան»ի յօդուածէն, նացիներէն Պիւխէնվալտ նետուած ու հոն սպաննուած ըլլալն է։ Եօթանասուն տարի »սովետական ինտերնացիոնալիզմ»ով բաւական զբաղող եղաւ. այժմ թող գերմանացիները Թելմանով զբաղին, որքան որ ուզեն եւ եթէ կ՚ուզեն։ 
Այդ բախտը չէ ունեցած, ըստ ամենայնի, պոլսահայ (այժմ՝ գերմանաբնակ) լրագրող Թալին Սուճեանը, որ չէր գիտեր թէ ո՞ւր կ՚երթար, երբ կը ձեռնարկէր Զապէլ Եսայեանի փողոցի փնտռտուքին Երրորդ մասի մէջ։ Ահա այդ գերիրապաշտ տեսարանով կը բացուի Լարա Ահարոնեանի ու անոր նկարահանած «Զապէլ Եսայեանին գտնելով/Finding Zabel Yesayan»՝ մերթ ընդ մերթ հետախուզական ֆիլմի պէս դիտուող փաստանկարը։ Մարտ-Ապրիլին, շնորհիւ Միշիկըն-Տիրպորն համալսարանի դասախօս ու տեղւոյն Հայկական Հետազօտութիւններու Կեդրոնի վարիչ Արա Սանճեանի սկզբնական նախաձեռնութեան, այս ֆիլմը շրջագայած է ԱՄՆի արեւելեան շրջանի համայնքները։ Տիթրոյթէն ետք, ցուցադրուած է Պոստըն, Նիւ Ճըրզի, Ֆիլատելֆիա, Նիւ Եորք եւ Հիւսիսային Գարոլայնա։ Ապրիլ 7ին, շարժանկարը Նիւ Եորք ցուցադրուեցաւ՝ Արեւելեան ԱՄՆի թեմի (Diocese) կից «Զօհրապ» Կեդրոնին մէջ, կոկիկ բազմութեան մը ներկայութեամբ։ Փախցնողները շատ եղան. մեղքը իրենց վիզին։
Փաստանկարի այդ խորհրդանշական պահուն, ո՛չ թաքսիի վարորդը, ո՛չ կառավարիչը (դիսպետչեր), ո՛չ ալ փողոցին շրջակայքը ապրող տիկին մը կրնան ստուգապէս ըսել, թէ ո՞ւր է փողոցը։ Տիկնոջ խօսքն ալ թէ՛ ողբալի է եւ թէ՛ խնդալիք երանգներով կը հնչէ հանդիսատեսի ականջին երբ ան կը գանգատի, ո՛չ աւելի ո՛չ պակաս, թէ «մի հատ լաւ մարդի, լաւ ղեկավարի անուն, թէ Զապէլ Եսայեանը ո՞վ ա ես շատ գիտեմ... Ես չգիտեմ էդ Եսայեանը ո՞վ ա... եւ ո՛չ մի բնակիչն էլ չգիտի Եսայեանը ով ա...»։ Ինչպէս կ՚ըսեն նման պարագաներուն, մեկնաբանութիւնները աւելորդ են։
Բայց մէկ հարցում մենք մեզ կը թոյլատրենք։ Մտածելու տեղիք չի՞ տար, որ ստալինեան մաքրագործումներուն զոհ Զապէլ Եսայեանի անունը փողոցի մը տրուած ըլլայ իր մահէն յիսուն տարի ետք։
(Անշուշտ, ի վերջոյ փողոցը կ՚երեւի... բնակելի շէնքի մը հաշուեցոյցին մէջ։ Ինչպէս վայել էր կոմունիզմ կառուցող բանուորական այդ թաղամասին, փողոցը «էն վախտ» կոչուած էր... Հոկտեմբերեան)։
Զապէլ Եսայեանի փողոցին ու իսկական Զապէլ Եսայեանին որոնումը, ի վերջոյ, տեղ մը կը նոյնանան։ Դեռ բազմաթիւ առասպելներ կան Զապէլ Եսայեանի՝ հայ գրականութեան մեծ տիկնոջ կենսագրութեան մէջ, Պոլիաէն մինչեւ Կովկաս եւ Ֆրանսայէն մինչեւ անհետացում։ Ան, ի վերջոյ, նորեկ մըն էր. 1932ին Երեւան ժամանած էր, չորս տարի ետք կիսելու համար բախտակից մտաւորականներու դաժան ճակատագիրը։ Բայց արդեօք միեւնո՞յն բախտը։ Մահը չի ճանչնար աստիճանաւորումներ, բայց յետնորդներու աչքին, գուցէ Չարենցը աւելի «բախտաւոր» էր՝ հիւծուելով ու մեռնելով բանտախուցի մը մէջ, Բակունցը կամ Թոթովենցը՝ գնդակահարման զօրագունդին առջեւ, Մահարին՝ 15 տարի ճաշակելով սիպիրեան սառնամանիքը, քան գրեթէ 60 տարեկանին ձերբակալուած Եսայեանը, որ հինգ կամ վեց տարի քաշկռտուած է բանտէ բանտ ու աքսորավայրէ աքսորավայր, մինչեւ որ 1942ին (վերջին նամակի տարին) կամ 1943ին անունը անհետ կորսուած է, մէկը միւսէն աւելի քստմնելի մահերու ենթակայ՝ բրածեծ ըլլայ թէ Կասպից ծովուն մէջ նեծուած, ինչպէս կը պատմուի ֆիլմին մէջ։ Մարդ կը սարսռայ երբ կը մտածէ, թէ Եսայեանի տարիքին քանի՛ հոգի սպաննուած է կամ հեռաւոր կեդրոնացման ճամբարները նետուած՝ առանց գթալու անոնց ճերմկած մազերուն վրայ (եւ նոյնիսկ կնոջական հանգամանքին վրայ), եթէ անշուշտ ընդունինք, անցողիկ երկվայրկեանի մը համար, որ 49ամեայ Թոթովենցը, 40ամեայ Չարենցը, 39ամեայ Բակունցը, կամ 34ամեայ Մահարին, ինչպէս բազում ուրիշներ, «պակաս» արժանի էին գթութեան...։ Հապա երկու տարի բանտ նստած 61ամեայ Հրաչեայ Աճառեա՞նը, ով գիտէ ամբողջատիրութեան ի՞նչ զարմանահրաշ խաղով ազատած։
1915ի եւ 1937ի զուգահեռները բացարձակապէս չափազանցուած չեն, ի վերջոյ, դահիճներու երկու խումբերը կը ծառայէին միեւնոյն նպատակին՝ մտածելու ազատութիւնն ու գոյութեան տարբերութիւնը զոհաբերելու պետութեան ամենակուլ երախին։ Մէկը թո՞ւրք էր, միւսը՝ համայնավար հա՞յ կամ ռո՞ւս։ Ոեւէ մէկը մարդկային նկարագրի ո՛չ մէկ նշոյլ կը ցուցաբերէր։ Ազգային պատկանելիութիւնը արդարացուցիչ կամ մեղմացուցիչ ոչինչ ունի։
Ի վերջոյ, ո՞վ կը ճանչնայ Եսայեանը։ Մենք կիսատ կը ճանչնանք զայն Սփիւռքի մէջ, նոյնքան եւ գուցէ աւելի  կիսատ կը ճանչնան զայն Հայաստանի մէջ
Թալին Սուճեան այսպէս կը պատմէ ֆիլմին ծննդոցը.
«2007 թուականին Երեւան գացի՝ Կանանց Ռեսուրսների Կենտրոնի եւ Ուտոպիանայի կազմակերպած կանանց համար յատուկ՝ ստեղծագործական գրութեան workshop-ին։ Երեք ամիս, կին գրող, գրելով հետաքրքրուածներու հետ միասին կարդացինք զանազան կին գրողներու գործերը։ Այս workshop-ը Նէնսի Աղապեանը կը ղեկավարէր։ Այդ օրերուն կարդացինք նաեւ Զապէլ Եսայեանը եւ տեսանք, որ մենք՝ ես եւ Լարան, իբրեւ սփիւռքահայեր գիտէինք Զապէլ Եսայեանի կեանքին մէկ մասը, իսկ հայաստանցիները՝ ուրիշ մէկ մասը։ Workshop-էն հարցումը ծագած էր՝ ինչո՞ւ մենք այդ մասը գիտէինք, իսկ ինչո՞ւ անոնք ուրիշ մէկ մասը գիտէինք, կամ ինչո՞ւ ընդհանուր առմամբ Հայաստանը ան շատ քիչ կը ճանչցուէր։ Այս հարցումով շարունակեցինք կարդալ եւ այդ օրերուն Արծուի Բախչինեանը ըսաւ, թէ անոր ընտանիքը Երեւան կ՚ապրի։ Գացինք զանոնք այցելելու եւ հոնկէ սկսանք, յետոյ՝ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանին մէջ անոր անձնական իրերը, ձեռագիրները, նամակները, ազգային արխիւներուն մէջ՝ անոր դատավարութեան հետ կապուած փաստաթուղթերը, անոր տղուն ձայնագրութիւնները գտնելով ֆիլմը նկարեցինք»։
Քառասուն վայրկեան տեւողութեամբ այս ֆիլմը, որուն անգլերէն տարբերակը դիտեցինք, նաեւ պատրաստուած է արեւելահայերէն եւ թրքերէն տարբերակներով։ (Ընդարձակ զրոյցները, բնականաբար, մնացած են հայերէն՝ ենթախորագիրներով)։ Ֆիլմը ցուցադրուած է Հայաստանէն մինչեւ Լիբանան եւ Եւրոպայէն մինչեւ ԱՄՆ։ Հետաքրքրականը այն է, կ՚իմանանք, որ ան պատրաստուած է «զերօ պիւտճէով», բացի «Կանանց Ռեսուրսային Կենտրոն»ի եւ «Ուտոպիանա»յի սահմանափակ գործիքներէն ու ոչ-դրամական միջոցներէն։ Եթէ զուտ շարժապատկերային առումով քննադատութիւն մը պահանջուի, հաւանաբար ըսելիքներ ըլլան, եւ թերեւս ֆիլմը հեռատեսիլի միջազգային կայանէ մը ցուցադրուելու թեքնիք որակը չունենայ։ Բայց եթէ «Հ-1»ը կամ հայրենի այլ կայան մը, փոխանակ «Պում-Պում» երգերով ալիքները լեցնելու, իրենց արդիական միջոցները տրամադրէին ստալինեան զոհ գրողներուն նուիրուած վաւերագրական շարքի մը պատրաստութեան, որ մարդկայնացումի եւ ո՛չ հերոսականացումի աչքով դիտէր եղելութիւնները, հաւանաբար Երրորդ մասի այդ ալեզարդ տիկինը եւ իր ու իրեն յաջորդող սերունդներէն շատեր կը լուսաբանուէին, թէ ի՞նչ տեսակ մտաւորական հերոսներ մենք կորսնցուցեր ենք 1937ին՝ «ժողովուրդներու հայրիկ»ին եւ իր մանկլաւիկներու շարանին մարմնաւորած գաղափարախօսութեան «շնորհիւ»։
»Զապէլ Եսայեանին գտնելով» գրագիտուհիին կեանքը կը վերականգնէ մէկ ծայրէն միւսը, հնարամտօրէն գործածելով ամէն կարելի միջոց։ Անշուշտ, լիուլի վերականգնում մը անկարելի էր՝ սահմանափակումներու պատճառով։ Սակայն, երկու արհեստագործ բեմադրիչները յաջողած են արհեստավարժ ընթացք մը տալ ֆիլմին եւ հասնիլ... արուեստի։ Արուեստը հոն է, ուր գիւտաւոր պահերով զուգորդուած են գրականագէտներու (Մարկ Նշանեան, Վարդան Ազատեան), վկայագրողներու (՚Կլարա Թէրզեան), կին ընթերցողներու կարծիքները, Աոֆի Եսայեանի վկայութիւններէն ընթերցումներն ու Հրանդ Եսայեանի ձայնը, Զապէլ Եսայեանի թոռան ու ծոռան պարզաբանումները՝ գիրքերու, ձեռագիրներու, պատմական լուսանկարներու, անձնական իրերուն, ու մեզի տուած են գրագիտուհիին մարդկային կերպարին ուրուագծումը։ Շարժանկարին ընթացքը, հնարաւոր յստակութեամբ, թէ՛ պատումին ընդմէջէն եւ թէ՛ խելացի հարցադրումներու շնորհիւ, կը յաջողի անտեղեակ թէ իրազեկ դիտողին մտքին մէջ վերականգնել պատկեր մը, տեղ-տեղ թերեւս քիչ մը խակ, բայց ընդհանուր առմամբ՝ յուզիչ պատկեր մը։ Կարելի չէ անտարբերութեամբ անցնիլ Եսայեանի աքսորէն գրած նամակներուն քովէն (ի դէպ, անոնց մասին ակնարկութիւններ եղած են, բայց մինչեւ հիմա այդ թուղթերը անտիպ են), եւ չյուզուիլ տեսնելով խառն ուղղագրութեամբ մայրական ձեռագիրը, որ իր զաւակներուն կը պատմէ, լռելեայն, անկարելի յոյսի մը խաբուսիկ պատրանքը՝ տուն վերադառնալու ակնկալութեան կառչիլը։
Այո՜, շատ բծախնդիր դիտողը կրնայ շատ բաներ գտնել։ Ինչո՞ւ հայ կանացի գրականութեան ռահվիրայ Սրբուհի Տիւսաբի գործերը չեն ներկայացուած առաջին հրատարակութիւններով, փոխանակ խորհրդային տպագրութիւններու։ Ինչո՞ւ Եսայեանի՝ «Ծաղիկ»ի առաջին հրապարակումը չէ նկարահանուած, փոխան «Ծաղիկ»ի ընթացիկ համարի մը։ Ինչո՞ւ Եսայեանի պոլսական (թէեւ կան քանի մը պատկերներ) կամ փարիզեան հետքերը չեն հետապնդուած։ Ինչո՞ւ ուրիշ անձերու կարծիքները չեն առնուած։ Եւ այլն, եւ այլն։
Ամէն մարդ կրնայ իր ֆիլմը նկարահանել։ Նման հարցումներու դիմաց, կ՚արժէ պատասխանել ընկեր Փանջունիի ոճով, բայց ոչ-փանջունիական մտքով՝ «Մի քիչ փող ուղարկեցէք»։ Բայց դրամական միջոցներու ձեռքբերումը անպայման չ՚երաշխաւորեր, որ Զապէլ Եսայեանը գտնէք, եթէ անոր չէք միացուցած վճռակամութիւնը՝ հետապնդումը տեղ հասցնելու, եւ զգայնութիւնը՝ գրողին անձէն ու գործէն ներս թափանցելու։ Ա՛յդ է, որ Թալին Սուճեանն ու Լարա Ահարոնեանը (նախկին լիբանահայ ու գանատահայ, այժմ՝ Հայաստան փոխադրուած, Երեւանի «Կանանց Ռեսուրսային Կենտրոն»ի հիմնադիր-տնօրէնուհի) յաջողած են։ Համեստ ու յամառ աշխատանքով, մեզի վերադարձուցած են մեր դարը անցած՝ 20րդ դարու մեր գրողներէն մէկուն անունն ու գործը։ Բայց նաեւ յիշեցուցած՝ զայն կարդալու հրամայականը։
ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
«Նոր Յառաջ», Մայիս 14, 2011

No comments:

Post a Comment