4.4.11

Արժանթինեան դատարանին վճիռը՝ Թուրքիա ցեղասպանութիւն գործած է

Արժանթինեան դաշնակցային դատարաններէն մէկը Ուրբաթ, Ապրիլ 1ին «ցեղասպանութիւն» որակած է հայ բնակչութեան տեղահանութիւնն ու բնաջնջումը 1915-1923-ին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ։
Դատաւոր Նորպերթօ Օժարպիտէ յստակ ու մանրամասն դատավճիռի մը մէջ յայտարարած է. «Թրքական պետութիւնը 1915-1923 թուականներուն ցեղասպանութեան յանցանք գործած է հայ ժողովուրդին նկատմամբ»:
Դատավճիռը կայացած է Դեկտեմներ 2000 թուականին սկիզբ առած դատական գործով մը, որուն նախաձեռնողը արժանթինահայ համայնքի յայտնի անդամներէն, նոտար Գրիգոր Հայրապետեանն է: Իրագործելով ճշմարտութիւնը իմանալու իր իրաւունքը, ան դիմած էր Արժանթինի արդարադատութեան` պահանջելով տեղեկութիւններ հաղորդել Հայկական Ցեղասպանութեան զոհ դարձած իր ծնողներուն եւ 50 ազգականներուն ճակատագրին մասին:
Դատավճիռին մէջ կ՛ըսուի, թէ «իբրեւ եզրափակում յայտարարական բնոյթ ունեցող սոյն որոշումին, անհրաժեշտ է յիշատակել Արժանթինի թիւ 26.199 օրէնքը, զոր երկրին օրէնսդիր իշխանութիւնը քուէարկած էր Դեկտեմբեր 13, 2006-ին եւ որ ուժի մէջ մտած է Յունուար 11, 2007-ին: Ըստ այդ օրէնքին, Ապրիլ 24-ը յայտարարուած է հանդուրժողականութեան եւ ժողովուրդներուն միջեւ փոխադարձ յարգանքի օր` ի յիշատակ Հայկական Ցեղասպանութեան»:



No comments:

Post a Comment